Արամ Վեհափառը հեռախոսազրույց է ունեցել Երուսաղեմի հայոց Պատրիարքի հետ
30 Մայիսի 2023, 08:07
Այս գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւէն (Զուիցերիա) հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ, տեղեկանում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից։
Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու Պարտէզ»ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ յառաջացած մտահոգութիւնը։
Պատրիարքը վստահեցուց Վեհափառ Հայրապետին, որ «Կովերու Պարտէզ»ին շուրջ կայացած համաձայնութիւնը չեղեալ համարելու ուղղութեամբ արդէն իսկ սկսած է գործնական քայլերու դիմել։