Արցախի ժողովրդի հետ ենք, որովհետև արդարության հետ ենք․ Արամ Ա

22 Դեկտեմբերի 2023, 08:37

Քաղաքականություն

Արցախի ժողովրդի հետ ենք, որովհետև արդարության հետ ենք: Ինչպես հայտնում են Կիլիկիայի կաթողիկոսարանից, այս մասին Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ հանդիպմանն ասել է Լիբանանի հոգեւոր պետը:

«Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2023-ին, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Լիբանանի շիիթ համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիպի միջեւ:

Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետի կողքին ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի պետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Շէյխ Ալ-Խաթիպի կողքին ներկայ էին Մուֆթի Շէյխ Ապտ Ամիր Շամսըտտին, Շէյխ Մուհամմատ Հիճազի, շիիթ կեդրոնի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուասէֆ Աուատ եւ շիիթ համայնքի գործադիր վարչութեան անդամ Ապտսալամ Շըքըր:

Ողջունելով շիիթ համայնքի հոգեւոր պետին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ինչպէս Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն, նոյնպէս շիիթ համայնքին հետ Լիբանանի հայ համայնքը սիրալիր յարաբերութիւն ունի, գործակցելով այն բոլոր աշխատանքներու ծիրէն ներս, որոնց նպատակը Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումն է եւ երկրին բարգաւաճումը:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց կարելի փութով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու հրամայականը, որպէսզի նոր կառավարութեան նշանակումով երկիրը իր բնական ընթացքը գտնէ: Հայրապետը խօսելով Իսրայէլի նախաձեռնած պատերազմին Կազայի դէմ՝ յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինեան արդար դատին կողքին, որովհետեւ արդարութեան ու մարդկային իրաւանց խնդիրը, ինչպէս նաեւ անկախ հայրենիք ունենալը հայ ժողովուրդին պայքարը եղած է միշտ ու կը մնայ: Այս ծիրէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեց, որ հայ ժողովուրդը աւելիով պատճառ ունի կեցուածք ճշդելու Իսրայէլի նկատմամբ, որովհետեւ նոյն Իսրայէլն է, որ Թուրքիոյ կողքին զինամթերք ու ռազմաքաղաքական աջակցութիւն տուաւ ու կը շարունակէ տալ Ազրպէյճանին:

Պէտք չէ մոռնալ, որ իսրայէլեան ու թրքական զէնքերով մեծ թիւով հայ զինուորներ ու քաղաքացիներ նահատակուեցան ու վիրաւորուեցան, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յայտնեց, թէ իրեն եւ Լիբանանի հայութեան համար զարմանալի երեւոյթ էր, որ երբ Արցախը գրաւուեցաւ, անոր իրաւունքները ոտնակոխուեցան եւ աւելի քան հարիւր հազար հայեր գաղթական դարձան, Լիբանանի կարգ մը համայնքներ, ներառեալ շիիթ համայնքը, մնացին լուռ, երբ անդին Հայաստանի դրացի ու բարեկամ երկիրը՝ Իրանը, միշտ մնաց Հայաստանի ամբողջականութեան պահպանման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն կողքին:

Շէյխ Ալ-Խաթիպ ուշադրութեամբ հետեւելով Վեհափառ Հայրապետին պարզած տեսակէտներուն ու մտահոգութիւններուն՝ ըսաւ, որ հայ համայնքը, իր բոլոր իւրայատկութիւններով, մեզի համար միշտ կը մնայ սիրելի ու յարգելի: Մենք տեղեակ ենք, թէ Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ի՛նչ դժուարութիւններէ անցան եւ եկան Լիբանան՝ իբրեւ գաղթական եւ այսօր կազմակերպուած ու կենսունակ համայնք են: Ակնարկելով Արցախի հարցին՝ ան ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Ազրպէյճան շիիթ դաւանանքին կը պատկանի, մենք արդարութեան հետ ենք, ուստի՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն հետ: Ապա, Շէյխ Ալ-Խաթիպ անդրադարձաւ Իսրայէլի կատարած անարգ արարքներուն պաղեստինցի եւ յատկապէս Կազայի ժողովուրդին դէմ: Ան ընդգծեց, որ այսօր քանդումն ու մահը Կազայի մէջ դարձած են ամէնօրեայ ներկայութիւն: Իր կարգին, Շէյխ Ալ-Խաթիպ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու եւ երկիրը ընկերային-տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:

Պաշտօնական փոխադարձ խօսքերէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ խօսեցան ընդհանրապէս շրջանը յուզող հարցերու մասին եւ այդ ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքէն ներս եւ անդրադարձաւ Իրանի հայ համայնքին: Շէյխ Ալ-Խաթիպ, իր կարգին, յիշեց, թէ ուսանած է Իրանի Ղոմ քաղաքին մէջ եւ ծանօթ է Իրանի հայ համայնքին, միաժամանակ յիշելով, որ միջ-կրօնական երկխօսութեան ընթացքին ան հանդիպած է Վեհափառ Հայրապետին եւ ծանօթ է անոր ունեցած դերին:

Հանդիպման աւարտին, Շէյխ Ալ-Խաթիպ առաջարկեց, որ Ս. Ծննդեան տօնէն ետք, հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունենայ շիիթ համայնքի կեդրոնէն ներս: Նորին Սրբութիւնը ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը:

Երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք, Շէյխ Ալի Ալ-Խաթիպ ներկայ թղթակիցներուն ընդհանուր գիծերով պարզեց հանդիպման ընթացքին քննարկուած նիւթերը: Նոյնը կատարեց յանուն Նորին Ս. Օծութեան Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան»։

Հիմա եթերում