Արցախի կողքին. զորակցական հավաք՝ Աթենքում
09 Հունիսի 2023, 09:00
Աթենքում անցկացվել է հավաք՝ հաջակցություն Արցախի: Այս մասին տեղեկանում ենք ՀՅԴ պաշտոնական կայքից:
՛՛Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ժողովուրդին վրայ սպառնացող ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան լոյսին տակ, հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու շրջագիծէն ներս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կասկածի տակ դնող զարգացումներու կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ՝ Արցախը ներառնելու Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային զօրակցութեան հաւաք ի նպաստ Արցախի, որ տեղի ունեցաւ 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։
Հաւաքին ժամադրավայրն էր Աթէնքի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան շէնքը։ Վայրի ընտրութիւնը ունէր յատուկ իմաստ, նկատի առնելով, թէ հաւաքի նպատակն էր բարձրաձայնելու ժողովուրդի պահանջը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ արցախահայութեան անվիճելի իրաւունքներուն եւ անոր ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումին։
Հաւաքին ներկայ եղան մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Մանաւանդ, զգալի էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որոնք ժողովուրդին հետ միասին իրենց ձեռքերուն վրայ պարզած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր «Ես Արցախին հետն եմ», «Ազատագրեցէք Արցախը» եւ այլ գրութիւններ։
Որոշեալ ժամուն, յունահայ կառոյցներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, յետ նախօրօք դասաւորուած ժամադրութեան, մուտք գործեց դեսպանատան շէնքը եւ ընդունուեցաւ փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտչեանի կողմէ, որուն յանձնուեցաւ յատուկ նամակ մը ուղղուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Նամակը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ։
Տեղւոյն վրայ, պատուիրակութիւնը բացատրեց հաւաքի նպատակը եւ նամակի ոգին, մատնանշելով, թէ սոյն հաւաքը որեւէ մէկ կերպով ուղղուած չի կրնար ըլլալ հայոց պետականանութեան դէմ, այլ նպատակ ունի յունահայութեան ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնել Արցախի տառապող ժողովուրդին, միաժամանակ յիշեցնելու Հայաստանի պետական այրերուն, թէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը գերազանցապէս պէտք է պահպանուի։
Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, թէ մերժելի է ամէն խօսք կամ փորձ՝ արծուաբոյն Արցախը տեսնելու Ատրպէյճանի վարչական կազմէն ներս։
Պատուիրակութեան կողմէ տեղեկութիւններ տրուեցան հանդիպումին մասին, յատկապէս նշելով հաւաքի նպատակը։
Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան բացատրեց թէ հաւաքի մասնակիցներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, նախապէս այցելեց Հ.Հ. դեսպանութիւնը ու նամակ մը յանձնեց ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՛՛,-ասված է կայքում։