Հայ-հունական բարեկամությանը նվիրված հուշարձան է բացվել Նէա Զմիռնիի մեջ

01 Հունիսի 2023, 09:13

Հայեր

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողէն՝ ծանօթ իբրեւ «Զանգակ» իր անուանումով, կարճ հեռաւորութեան վրայ, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական ընդարձակ հրապարակին կից գտնուող Քարիլու հրապարակին վրայ, իր տեղը գտաւ հայ-յունական բարեկամութիւնը խորհրդանշող գեղեցիկ յուշարձան մը։

Յունական մարմարով քանդակուած կոթողը գործն է հայրենիք ծնած ու երկար տարիներ Թեսաղոնիկէի մէջ ստեղծագործած անուանի քանդակագործ եւ նկարիչ Արամ Թորոսի։ Յուշակոթողը իրագործուեցաւ շնորհիւ Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան բազմամեայ գործակցութեան։ Անոր գաղափարը իրականութիւն դարձաւ Նէա Զմիռնիի հայազգի փոխքաղաքապետ Վակէլի Խաչատուրեանի առաջարկին եւ քաղաքապետին ու քաղաքապետութեան խորհուրդի որոշումին վրայ, իսկ ելոյթը կազմակերպուած էր քաղաքապետութեան եւ կոմիտէի համատեղ ջանքերով։

Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անկախ պետականութեան հռչակման 105-ամեակի նշանակալից օրը, աննախընթաց հայ եւ յոյն բազմութիւն մը ներկայ եղաւ հրապարակին վրայ, յարգելու համար երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան նուիրուած կոթողի բացումը։

Ի՞նչ կը խորհրդանշէ յուշակոթողը

Յունական սպիտակ մարմարով քանդակուած յուշակոթողը իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մըն է, որուն վրայ կ՚արտացոլան հայ մշակոյթի ամէնէն յատկանշական նմուշները։ Արեւը՝ որպէս լոյսի, բարութեան եւ արդարութեան խորհրդանիշ, զոյգ Մասիսները, Նուռը՝ որպէս վերածնունդի ու բարօրութեան նշան, Որթատունկը՝ որպէս Հայաստանի անուշ գինիի հազարամեայ գանձ, Արծիւը՝ հայ ժողովուրդի քաջութեան ու խիզախութեան խորհրդանիշ։ Խոր Վիրապը կը յիշեցնէ, թէ հայ ժողովուրդը 301 թուականին առաջին ընդունեց քրիստոնէական հաւատքը, իսկ Արցախի խորհրդանիշը՝ Մամիկն ու Պապիկը, կը կանգնի մեր խրոխտ լեռներուն վրայ, հայը կը կապէ իր արմատներուն ու կը յիշեցնէ, թէ «Մենք ենք մեր սարերը»։