ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը COP29-ի հարցով պատասխան-նամակ է ստացել Կանադայի դեսպանից

21 Օգոստոսի 2024, 12:53

Քաղաքականություն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի հարցով պատասխան-նամակ է ստացելԿանադայի դեսպանից․

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ 44 դեսպաններու յղած էր Պաքուի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին վերաբերեալ նամակ մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի նշեալ 29-րդ խորհրդաժողովը կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ վերջերս սովի մատնած, ռմբակոծած, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի մէջ ցեղային զտում գործած էր տեղւոյն բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ, կը շարունակէ իր բանտերուն մէջ պահել հայ պատանդներ եւ պատերազմական գերիներ, այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի կացութիւն կը տիրէ, կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ կը գտնուի հակադիր կողմի վրայ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարողներէն մէկն է:

Հայ դատի մարմինը 44 կառավարութիւններուն կոչ ուղղած էր վերատեսութեան ենթարկելու Ազրպէյճանի կողմէ «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորուած եւ անոր արատները թաքցնելու ծառայող այդ կեղծ խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը, կամ ալ այդ առիթը օգտագործելու մարդու իրաւունքներու վերոնշեալ հարցերը արծարծելու համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 20 օգոստոսին Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄքՔալըմէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան հաստատեց. «Քանատան կը շարունակէ Հայաստանի յանձնառու գործընկերը մնալ եւ կը զօրակցի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման»:

Կենսոլորտի փոփոխութեան խնդիրի եւ ՔՈՓ խորհրդաժողովներու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք, ան նշեց, թէ կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարի քայլերը կը շարունակեն Քանատայի կառավարութեան համար կարեւոր առաջնահերթութիւն մնալ` յիշեցնելով, որ ՔՈՓ29-ի գումարման վայրին շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած է ՔՈՓ28-ի ընթացքին, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անոր համաձայն գտնուած է…»