Ոչ բարեկամ երկրների միակողմանի պահանջները կվտանգեն ՀՀ անկախությունը և անվտանգությունը․ Արամ Ա

31 Դեկտեմբերի 2024, 19:14

Քաղաքականություն

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ամանորի և Սուրբ ծննդյան տոների կապակցությամբ ուղերձ է հղել.

«Ժամանակի արագընթաց թաւալումին եւ մարդկային կեանքի հեւքին մէջ հին տարիէն նոր տարի անցման այս փուլը ընդհանրապէս բնորոշուած է իբրեւ եզակի առիթ ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Սա բնական եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մըն է իւրաքանչիւր անհատի, կառոյցի, հաւաքականութեան կամ պետութեան համար:

Անցնող տարուան մեր կեանքը լեցուն էր տագնապներով ու վերիվայրումներով: Իրագործումներու կողքին նաեւ ունեցանք ձախողութիւններ, յաջողութեան առընթեր նաեւ` թերացումներ: Արդարեւ, հաշուետուութեամբ ամրագրուած եւ իրապաշտ ոգիով կատարուած ինքնաքննութիւնը երաշխիքն է յաջողութեան ու յառաջդիմութեան:

Մեր ազգին համար 2025 տարին պէտք է դառնայ նաեւ հոգեւոր ու ազգային վերանորոգման տարի: Կեանքը իր բոլոր տարածքներով ու բնագաւառներով կը նմանի հոսող ջուրի, եթէ հոսքը դադրի, կը ճահճանայ ու կը դառնայ վնասաբեր: Այնպէս ալ մեր կեանքը: Վերանորոգումը պէտք է դառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ընթացքը` նպատակասլաց տեսլականէ մղուած:

Կ՛ապրինք մեր ժամանակակից պատմութեան վտանգալից ժամանակները: Շրջապատուած ենք ահաւոր տագնապներով:

Ոչ բարեկամ երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւնը եւ անոր առնչուած համաձայնութիւնները` կատարուած թէ կատարուելիք, ինչպէս նաեւ անոնց միակողմանի պահանջները կրնան վտանգել Հայաստանի ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական պայմաններու արագ եւ արմատական փոփոխութիւնը կրնայ իր բացասական հետեւանքները ունենալ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ շրջանի մեր համայնքներուն համար:

Հեռու է մեր կեանքը ներքին միասնականութիւնը ամրացնող ազդակներէ: Ներկայ կացութեան շարունակումը մեր ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել նորանոր բեւեռացումներու:

Արդ, այս անորոշ պայմաններուն դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ: Մեր կեանքի վերանորոգումը աւելի քան հրամայական է:

Վերանորոգում կը նշանակէ մեր կեանքը դուրս բերել մաշեցնող, տկարացնող, բեւեռացնող, այլասերող ու դէպի նահանջ առաջնորդող ներկայ գոյավիճակէն եւ նոր որակ ու տեսլական տալ անոր:

Վերանորոգում կը նշանակէ ուժերու համախմբում` համազգային օրակարգի մը շուրջ:

Վերանորոգում կը նշանակէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ճիշդ հունաւորում ու վերաշեշտում:

Վերանորոգում կը նշանակէ սփիւռքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում. ու տակաւին` մարդուժի համախմբում, մեր կեանքին երիտասարդութեան մասնակցութիւն եւ նիւթական կարելիութիւններու ճիշդ տնտեսում:

Անհրաժեշտ կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն ու կշիռք տուող բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերակենսագործման, ինչպէս նաեւ զանոնք կեանքի վերածող հաւաքական կամքի, հաւատքի ու յոյսի:

Դէպի վերանորոգում: Ահա 2025 տարուան մարտահրաւէրը մեր դիմաց: Բացուող Նոր տարին պիտի դառնայ սոսկ տարուան թիւի փոփոխութիւն, եթէ զայն չողջունենք մեր կեանքը վերանորոգելու յանձնառութեամբ:

Եկէ՛ք փառք տանք Աստուծոյ, որ տարի մը եւս ապրելու պարգեւը շնորհեց մեզի:

Եկէ՛ք աղօթենք հիւանդներուն առողջութեան, բանտարկեալներուն ազատութեան եւ կարիքաւորներուն կեանքի բարելաւման համար:

Թող Աստուած Իր երկնային բարիքներով հարստացնէ մեր ընտանիքներուն ու զաւակներուն կեանքը:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»։