Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն այցելել է Կանդայում Հայաստանի Հանրապետության դեսպանատուն

08 Հունիսի 2023, 11:10

Հայեր

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Կանդայում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, տեղեկանում ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։

Շքախումբին մաս կը կազմէին.- Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան եւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան։

Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։

Դեսպանը նախ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան, որ ընդառաջեց եւ այցելեց Օթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։

Ապա, Հայրապետը ըսաւ.- «տարբեր մօտեցումները պէտք չէ շփոթել մեր միասնականութեան հետ։ Տարբերութիւններ կան, սակայն հիմնական եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ պէտք է մեր ժողովուրդը իր հաւաքական կամքը արտայայտէ»։

«Այդ սկզբունքով է, որ կը գործէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը։ Մենք որպէս Հայաստանի քաղաքացի նոյն կամքը կ՚արտայայտենք», եզրակացուց դեսպանը։