Արցախի կողքին. զորակցական հավաք՝ Աթենքում

09 Հունիսի 2023, 09:00

Հայեր

Աթենքում անցկացվել է հավաք՝ հաջակցություն Արցախի: Այս մասին տեղեկանում ենք ՀՅԴ պաշտոնական կայքից:

՛՛Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ սպառ­նա­ցող ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան լոյ­սին տակ, հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը կաս­կա­ծի տակ դնող զար­գա­ցում­նե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի կող­մէ՝ Ար­ցա­խը նե­րառ­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի «հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» մէջ կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն առն­չու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պեց ժո­ղովր­դա­յին զօ­րակ­ցու­թեան հա­ւաք ի նպաստ Ար­ցա­խի, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 7 ­Յու­նիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան։ ­

Հա­ւա­քին ժա­մադ­րա­վայրն էր Ա­թէն­քի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նա­տան շէն­քը։ ­Վայ­րի ընտ­րու­թիւ­նը ու­նէր յա­տուկ ի­մաստ, նկա­տի առ­նե­լով, թէ հա­ւա­քի նպա­տակն էր բարձ­րա­ձայ­նե­լու ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ տէր ու պաշտ­պան կանգ­նիլ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­նոր ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու ձգտու­մին։

­Հա­ւա­քին ներ­կայ ե­ղան մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, ինչ­պէս նաեւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Մա­նա­ւանդ, զգա­լի էր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք ժո­ղո­վուր­դին հետ միա­սին ի­րենց ձեռ­քե­րուն վրայ պար­զած էին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րա­ցու­ցած էին պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած էր «Ես Ար­ցա­խին հետն եմ», «Ա­զա­տագ­րե­ցէք Ար­ցա­խը» եւ այլ գրու­թիւն­ներ։

Ո­րո­շեալ ժա­մուն, յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, յետ նա­խօ­րօք դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեան, մուտք գոր­ծեց դես­պա­նա­տան շէն­քը եւ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ փոխ դեսպան տիկ. Աննա Մկրտ­չեա­նի կող­մէ, ո­րուն յանձ­նո­ւե­ցաւ յա­տուկ նա­մակ մը ուղ­ղո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին։ ­Նա­մա­կը կը հրա­տա­րա­կենք ամ­բող­ջու­թեամբ։ ­

Տեղ­ւոյն վրայ, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը բա­ցատ­րեց հա­ւա­քի նպա­տա­կը եւ նա­մա­կի ո­գին, մատ­նան­շե­լով, թէ սոյն հա­ւա­քը ո­րե­ւէ մէկ կեր­պով ուղ­ղո­ւած չի կրնար ըլ­լալ հա­յոց պե­տա­կա­նա­նու­թեան դէմ, այլ նպա­տակ ու­նի յու­նա­հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան եւ ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել Ար­ցա­խի տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին, միա­ժա­մա­նակ յի­շեց­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան այ­րե­րուն, թէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը գե­րա­զան­ցա­պէս պէտք է պահ­պա­նո­ւի։ ­

Պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շեշ­տե­ցին, թէ մեր­ժե­լի է ա­մէն խօսք կամ փորձ՝ ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խը տես­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի վար­չա­կան կազ­մէն ներս։ ­

Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կող­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան հան­դի­պու­մին մա­սին, յատ­կա­պէս նշե­լով հա­ւա­քի նպա­տա­կը։

Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան բա­ցատ­րեց թէ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, նա­խա­պէս այ­ցե­լեց Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը ու նա­մակ մը յանձ­նեց ուղ­ղուած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին՛՛,-ասված է կայքում։