Կուսակցությունը, կրոնը և անձնական կյանքը նշանակություն չունեն․ Հայ Դատը գնահատում է թեկնածուների հայանպաստ դիրքորոշումները

18 Նոյեմբերի 2026, 10:30

Քաղաքականություն

Հարցումը

Ամեն ընտրական շրջանի, երբ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հրապարակէ զօրակցութեան ցանկերը, համայնքին մէջ նոյն հարցումները կը բարձրանան. «ինչու՞ Հայ Դատի այս թեկնածուին կը զօրակցի, երբ ան այս կամ այն կուսակցութեան կը պատկանի, այս կամ այն կրօնքը կը դաւանի, այս կամ այն ձեւով կ՚ապրի իր անձնական կեանքը»։ Այս հարցումները բնական են եւ պատասխանի արժանի։

Պատասխանը պարզ է. Հայ Դատի զօրակցութիւնը կը հիմնուի մէկ հիմնական չափանիշի վրայ՝ թէ թեկնածուն իր խօսքով ու գործով ի՛նչ դիրքորոշում ցուցաչերած է հայկական հարցերուն նկատմամբ։ Թեկնածուին կուսակցական պատկանելիութիւնը, կրօնքը կամ անձնական կեանքը այս որոշումին մէջ դեր չեն խաղար։

Ի՞նչու Կարեւոր են ԱՄՆ Ընտրութիւնները

ԱՄՆ-ի ընտրութիւնները այսօր համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններ կը նկատուին, քանի որ ամերիկայի քաղաքական որոշումները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՚ազդեն աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն վրայ։ Բնականաբար, շուրջ մէկ միլիոն ամերիկահայերուն համար ասիկա թէ՛ առիթ է, թէ՛ պատասխանատուութիւն՝ նպաստելու, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը հայանպաստ ուղղութիւն ունենայ։

Այս առաքելութիւնը իր ուսերուն վերցուցած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը՝ Ուաշինկթըն Տի Սի-ի իր կեդրոնական գրասենեակով, Լոս Անճէլըսի եւ Պոսթընի երկու շրջանային գրասենեակներով, ինչպէս նաեւ տեղական բազմաթիւ մասնաճիւղերով։ Ընտրական գորղընթացներուն մասնակցութիւնն ու ընտրապայքարի աշխատանքները այս առաքելութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն են։

Չափանիշը՝ Հայկական Հարցերու Շուրջ Գործը

Ինչպէս որեւէ ջատագովական կազմակերպութիւն, Հայ Դատի յանձնախումբը երկու տարին անգամ մը կը հրապարակէ զօրակցութեան ցանկեր, որոնք ամերիկահայերուն եւ մարդկային իրաւունքներով հետաքրքրուողներուն կու տան քուէարկութեան յստակ ցուցմունքներ։ Հիմնական տրամաբանութիւնը պարզ է. զօրակցիլ այն թեկնածուներուն, որոնք մօտ են հայութեան եւ հայկական հարցերուն, ու դէմ կանգնիլ անոնց, որոնք հակահայ կեցուածք ունին։ Սակայն տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ «հայանպաստ» եւ «հայատեաց» պիտակները բաւարար չեն, երբ կը հիմնուին լոկ տպաւորութիւններու վրայ։ Ատոր համար Յանձնախումբը մշակած է գնահատման մանրամասն համակարգ մը, ուր թեկնածուին իւրաքանչիւր արարք ու արտայայտութիւն կը ստանայ իր որոշակի արժէքը։

Ի՞նչպէս կը հաշուուի նիշը


Նիշ կ՚աւելցնեն՝ ա) կառավարական պաշտօններու մէջ հայ համայնքին կամ Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ գործակցութիւնը, բ) հայանպաստ օրէնսդրական աշխատանքը, գ) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ոգեկոչման արտայայտութիւնները դ) Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման դէմ իրենց պաշտօնէն տարած աշխատանքը։

Նիշ կը պակսեցնեն՝ ա) թրքամէտ կամ ազրպէյճանամէտ քաղաքականութիւնը, բ) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ժխտումը, գ) Թուրքիա կամ Ազրպէյճան այցելութիւնները, դ) հակահայ արտայայտութիւններ։

Այս բոլորէն կը գոյանայ վերջնական միջին նիշ մը, որ կը վերածուի A-էն F տառային նիշի՝ ճիշդ ինչպէս դպրոցական տարեշրջանի վիճակացոյցը։ Այդ նիշն է, որ կը ցուցանէ, թէ Յանձնախումբը պիտի զօրակցի՞ թեկնածուին, թէ ոչ։

Քաղաքական ասպարէզին մէջ թեկնածուները կը ստանան Հայ Դատի զօրակցութեան հարցարանը, ուր կը հարցուին ամերիկահայերը յուզող հարցեր։ Անոնց պատասխանները նոյնպէս կը գնահատուին։ Ընտրողները կրնան իրենք ծանօթանալ թեկնածուներու նիշերուն՝ anca.org/report-card յղումով։

Ո՞ր Ընտրապայքարներուն կը հետեւի Հայ Դատի Յանձնախումբը

2026-ի ընտրութիւնները միջանկեալ էին, այսինքն՝ նախագահական ընտրութիւն չկար։ Սակայն կը վերընտրուէր ամբողջ Ներկայացուցիչներու տունը, 35 ծերակուտական աթոռ (ներառեալ երկու արտահերթ ընտրութիւն) եւ նահանգային ու բազմաթիւ պաշտօններ. ընդհանուր առմամբ՝ աւելի քան 100,000 ընտրապայքարի աթոռներ ամեն երկրին մէջ, զանազան մաշտաբներու։

Բնականաբար, Հայ Դատը չի հետեւիր բոլորին։ Երբ դուրս ձգենք այն շրջանները, ուր ամերիկահայեր չեն բնակիր, եւ այն պաշտօնները, որոնք ազդեցութիւն չունին արտաքին քաղաքականութեան կամ ամերիկահայերը յուզող ներքին հարցերուն վրայ (օրինակ՝ կարգ մը դատական կամ դպրոցական պաշտօններ), կը մնայ յստակ ցանկ մը ընտրապայքարներու, որոնցմով ուղղակիօրէն շահագրգռուած է ամերիկահայութիւնը։

Երեք օրինակ 2026-էն

Ստորեւ՝ այս տարուան երեք կարեւոր ընտրապայքարներ, իւրաքանչիւրը նոյն կարգով՝ թեկնածուին անցեալը, նիշը, Հայ Դատի որոշումը եւ արդիւնքը։

Նիւ Համփշըր. Հոն Սունունու (հանրապետական) ընդդէմ Քրիս Փափասի (դեմոկրատ)

Անցեալը՝ Նախկին ծերակուտական Ճոն Սունունուի ընտանիքը կապեր ունի Anglo Asian Mining ընկերութեան հետ, որ հանքարդիւնաբերական աշխատանքներ կը կատարէ Ազրպէյճանի բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ։ Ներկայացուցիչ Քրիս Փափաս, իր կարգին, աջակցած է զանազան Հայ Դատի առաջադրանքներուն, ան լաւ կապեր հաստատած էր հայկական համայնքին հետ։

Նիշը՝ Սունունու՝ F, Փափաս՝ A

Որոշումը՝ Հայ Դատը զօրակցեցաւ Փափասին, եւ լայն արշաւ տարաւ՝ հանրութեան  ներկայացնելու Սունունուի եւ իր ընտանիքին կապերը այս ընկերութեան հետ։Արդիւնքով, Ազրպէյճանի ազդեցութիւնը ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան վրայ դարձաւ ընտրապայքարին նիւթերէն մէկը։

Արդիւնքը՝ Փափաս շահեցաւ, եւ յառաջիկայի վեց տարիներուն Նիւ Համփշըրը պիտի ներկայացնէ Ծերակոյտին մէջ։

Դասը՝ Ոմանք հարց տուին, թէ ի՞նչու Հայ Դատը զօրակցեցաւ թեկնածուի մը, որուն անձնական կեանքը կը տարբերի իրենց արժէքներուն։ Պատասխանը՝ Հայ Դատի Յանձնախումբի գնահատման մէջ անձնական կեանքը չափանիշ չէ։ Չափանիշը այն է, թէ թեկնածուն ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն նկատմամբ։

Միշիկըն. Մայք Ռոքըրս (հանրապետական) ընդդէմ Ապտուլ Էլ-Սայէտի (Ժողովրդավար)

Անցեալը՝ Նախկին ներկայացուցիչ Մայք Ռոճերզ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն շատ քիչ աշխատանք տարած էր Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ, եւ հայկական հարցերու շուրջ։ Ապտուլ Էլ-Սայէտ, ընդհակառակը, յայտնի է բնիկ ժողովուրդներուն վերաբերեալ իր հզօր դիրքորոշումներով, ցեղասպանութիւնները խստօրէն դատապարտող եւ հայանպաստ արտայայտութիւններով։

Նիշը՝ Ռոճըրս կը ստանայ «D» (դպրոցական ամենացած յաջողութեան նիշը)

Որոշումը՝ Հայ Դատի զօրակցեցաւ Էլ-Սայէտին։

Արդիւնքը՝ Էլ-Սայէտ յաղթեց ընտրութիւններուն եւ ապահովեց ծերակուտականի աթոռը։ Այժմ անհրաժեշտ է ամէն ճիգ ի գործ դնել անոր հետ գործակցութիւնը առաւել եւս խորացնելու, որպէսզի ան շարունակէ հայանպաստ դիրքորոշումները որդեգրելու ու համապատասխան քաղաքականութիւն վարէ։

Դասը՝ Շատեր հարցականի տակ դրին Հայ Դատի զօրակցութեան որոշումը Էլ-Սայէտին։ Սակայն քաղաքական հեռատես եւ ռազմավարական քայլը կ՚ըլլար զօրակցիլ եւ լաւ կապեր հաստատել անոր հետ եւ յառաջիկայ 6 տարիներուն ընթացքին ունենալ ծեռակուտականէն մէկ բարեկամ եւս։ Աւելին՝ հարկ կը նկատեմ ի յայտ բերել Էլ Սայէտի եգիպտական արմատները, եւ անոր զօրակցութիւնը բնիկ ժողովուրդներու, մարդկային իրաւունքներու, եւ ընդհանրական մարդասիրական մօտեցումներով։ Այս բոլորը կը վերահաստատեն որ Էլ-Սայէտի մօտեցումը ամերիկեան եւ համաշխարհային քաղաքականութեան կը համապատասխանէ Հայ Դատի արժէքներուն։

Թեքսաս. Հենրի Քուէյար (Ժողովրդավար կուսակցութեան)

Անցեալը.-  Ներկայացուցիչ Քուէյար Քոնկրէսի Ազրպէյճանի խմբակցութեան համանախագահն է։ Ան մեղադրուած էր շուրջ 600,000 տոլարի կաշառք ստանալու համար, որուն մէկ մասը՝ Ազրպէյճանի պետական SOCAR քարիւղային ընկերութենէն։ Տարիներով ան պաշտպանած է հակաարցախեան նախաձեռնութիւններ, դէմ խօսած է Ազրպէյճանի զէնք վաճառելը արգիլող յօդուածին եւ մերժած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Նիշը՝ F

Որոշումը՝ դատավարութենէն առաջ, 2025-ի դեկտեմբերին, Նախագահ Թրամփ անոր շնորհեց ներում, եւ Քուէյար վերադարձաւ ընտրապայքարի։ Հայ Դատի լայնածաւալ աշխատանք տարաւ անոր դէմ եւ զօրակցեցաւ անոր հանրապետական մրցակիցին՝ դատաւոր Թանօ Թիհերինային։

Արդիւնքը՝ Կուսակցական խոր բաժանումներու պատճառաւ Քուէյար շահեցաւ իր պաշտօնավարութիւնը։

Դասը՝ Հայ Դատը դիրքորոշուեցաւ Ժողովրդավարական կուսակցութեան գործող պաշտօնատարի մե դէմ եւ զօրակցեցաւ Հանրապետական թեկնածուի մը, նոյնիսկ երբ անոր յաղթանակի հաւանականութիւնը փոքր էր։ Որոշիչը թեկնածուին կուսակցական պատկանելիութիւնը չէր, այլ՝ հայկական հարցերու նկատմամբ անոր ցուցաբերած դիրքորոշումներն ու կատարած աշխատանքը։

Ինչ կը վերաբերի 907-րդ յօդուածի գործադրութեան, հարկ է նշել, որ անոր դէմ պայքարող երկու Քոնկրեսականներէն՝ Ուիսքանսընի ներկայացուցիչ Տէրիք Վան Օրտընը արդէն իսկ կորսնցուցած է իր պաշտօնը, իսկ Հիւսիսային Քարոլայնայի ներկայացուցիչ Վիրճինիա Ֆոքսը կը գտնուի շատ սուր ընտրապայքարի մէջ, եւ այսօրուան տուեալներով, ետ կը մնայ քանի մի հարիւր քուէով։

Ի՞նչու այս Մօտեցումը Արդիւնաբեր է

Այս է Հայ Դատի Յանձնախումբին տարբերութիւնը այլ ջատագովական կազմակերպութիւններէն. անոր առարկայական տրամաբանութիւնը, միայն հայկական հարցերով առաջնորդուող մօտեցումը եւ ամերիկահայութեան ու համայն հայութեան առջեւ հաշուետու ըլլալը։

Այս սկզբունքային մօտեցումին շնորհիւ է, որ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը վայելէ երկու կուսակցութիւններուն յարգանքը՝ անկախ այն բանէն թէ ո՛ր կուսակցութեան կը պատկանի իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուն, կամ ինչպիսի՛ քաղաքական  համոզումներ, կրօնական պատկանելիութիւն եւ անձնական կեանք ունի ան։

Նոյն այս սկզբունքայինութեամբ է որ Հայ Դատի Յանձնախումբը առանց վարանելու կը կայացնէ համարձակ եւ երբեմն դժուար որոշումներ՝ ի խնդիր Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանան ու ինքնիշխանութեան ամրապնդման, ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան վերականգնման, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին պաշտպանութեան, Պաքուի բանտերու մէջ պահուած հայ պատանդներու ազատ արցակման, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի բարգաւաճման ու հզօրացման։

Կարէն Ճինպաշեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Համայնքային Պատասխանատու